image

Մարք Գրիգորեանը հրաժարական տուած է Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէնի պաշտօնէն

Մարք Գրիգորեանը հրաժարական տուած է Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէնի պաշտօնէն

Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն Մարք Գրիգորեանը հրաժարական տուած է: «Արմէնբրես»-ին այս մասին տեղեկացուցած են Հանրային ռատիոյէն:

Հանրային ռատիոյի խումբ մը աշխատակիցներ կը պահանջէին Մարք Գրիգորեանի հրաժարականը: Անոնք գործադուլ ընելու վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած էին:

Հանրային հեռուստառատիոընկերութեան խորհուրդի որոշմամբ՝ Մարք Գրիգորեանը նշանակուած էր Հայաստանի հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն 2017 թուականի յունիսին: