Պէյրութի կեդրոնական հատուածներուն մէջ փակուած են տասնեակ ճանապարհներ։
Մինչ բանակի ստորաբաժանումներ կը փորձեն կարգի բերել ընդհանուր դրութիւնը, անդին Հարիրիի հրաժարականին համար փողոց իջած բողոքարարներ անիւներ կը բերեն ու հրկիզելով զանոնք դարձեալ փողոցները կը փակեն։
Այս մասին տեղեկութիւն քաղեցինք լիբանանեան աղբիւրներէ, որոնք նշեցին, որ յառաջիկայ ժամերուն լարուածութիւնը կրնայ աւելիով մեծնալ մասնաւորապէս Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ։
Յիշեցնենք, որ Հարիրի Պաապտայի պալատ բարձրանալով յայտարարած էր իր հրաժարականը ու անոր խօսքին մէջ կային մտահոգութիւն առթող շեշտադրումներ։
Լիբանանեան հրապարակին վրայ երեւցող լարուածութիւնը նաեւ պատճառ դարձած է, որ ամերիկեան տոլարը մեծ աճ գրանցէ (տոլարը հասած է 22 հազարի շեմը), բան մը, որ աւելիով կրնայ բարդացնել երկրի տնտեսական իրադրութիւնը։