Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը այցելած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան ձերբակալուած անձանց պահման վայրին մէջ գտնուող ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Արարատ Միրզոյեանին, Սասուն Միքայէլեանին, ինչպէս նաեւ Դաւիթ Սանասարեանին, Արմէն Գրիգորեանին եւ ձերբակալուած շարք մը այլ անձանց:
Պաշտպանն առանձնազրոյցներ ունեցած է անոնց հետ, ստուգուած են պահման պայմաններն ու համապատասխան փաստաթուղթերը:
Դժգոհութիւններ չեն ներկայացուած պահման պայմաններու եւ ՁՊՎ-ի աշխատակիցներու վերաբերմունքի վերաբերեալ: Պատգամաւորներու կողմէն բարձրացուած է նաեւ ռատիոընդունիչի հարց՝ նորութիւններուն ծանօթանալու նպատակով, որոնք տրամադրուած են: Երկու ձերբակալուածի պարագային բարձրացուած է զանգի իրաւունքի հարց, որն ապահովուած է:
Պաշտպանի աշխատակազմին մէջ նախաձեռնուած է քննարկման ընթացակարգ՝ օրէնքով նախատեսուած լիազօրութիւններու ողջ ծաւալով քայլեր ձեռնարկելու նպատակով:
Առանձնազրոյցներու ընթացքին բարձրացուած բոլոր հարցերու, այդ շարքին՝ կապուած ազատութենէն զրկելու հիմքերու շուրջ, գրութիւններ կը հասցէագրուին քրէական հետապնդման մարմիններուն: