Օրերս Լիբանան գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ամառային նստավայր՝ Պիքֆայա։
Այս մասին իմացանք «Ազդակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝ «16 յունիս 2021-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի:
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, սփիւռքի եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր»։