image

Լոսի մէջ երկու հայեր բանտարկուեցան. Պատճա՞ռը

Լոսի մէջ երկու հայեր բանտարկուեցան. Պատճա՞ռը

Քալիֆորնիացի հայեր Անժելա Աւետիսեանը եւ Աշոտ Մինասեանը, որոնք տան մէջ բժշկական ծառայութիւններ մատուցող գործակալութեան համասեփականատէրեր են, մեղաւոր ճանչցուած են խարդախ սխեմային մասնակցութեան մէջ, որու հետեւանքով բժշկական ապահովագրութեան «Medicare» համակարգը զրկուած էր 22 միլիոն տոլարէ։

Դատարանը 43-ամեայ Անժելա Աւետիսեանին դատապարտած է 10 տարուան, իսկ 61-ամեայ Աշոտ Մինասեանին՝ 6 տարուան ազատազրկման։ Իւրաքանչիւրը պէտք է փոխհատուցէ վնասը 4,283,674 տոլարի չափով։ Սոյն գործով կ'անցնին նաեւ Ռոպերթ Կլեյզըրը եւ Մարինա Մերինօն, որոնք նոյնպէս մեղաւոր ճանչցուած են։

Նշենք, որ Անժելա Աւետիսեանը, լոսանճելոսցի բժիշկ Ռոպեթ Կլեյզըրը եւ անոնց մեղսակիցները մեղադրուած են 2006 թուականի յունուարէն մինչեւ 2014 թուականի մայիսը ծառայութիւններու համար «Medicare» համակարգին հաշիւներ ներկայացնելու համար, որոնք կա՛մ անհրաժեշտ չեն եղած, կա՛մ երբեք չեն մատուցուած: Ներկայացուած է 33 միլիոն տոլարի հաշիւ, որմէ 22 միլիոն տոլարը վճարուած է: