Լիբանանի «Յառաջդիմական-Դեմոկրատական» կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ այսօր ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է կապուած երկրի ընդհանուր վիճակին։
Ժոմպլաթ նկատել տուած է, որ եթէ իրավիճակը այսպէս շարունակուի, ապա Լիբանանի տնտեսութիւնը ամբողջապէս պիտի փլուզուի։
Տիւրզի համայնքի առաջնորդ հանդիսացող Ժոպլաթ մասնաւորապէս ըսած է «Լեռնալիբանանը եւ ամբողջ Լիբանանը սովի կրնայ մատնուիլ», նշելով նաեւ, որ այսօր առկայ տագնապը կրնայ երկար տեւել։
Լիբանանցի գործիչը, որ նաեւ մտավախութիւններ յայտնած է ապահովական խլրտումներէ նաեւ կոչ ըրած է իր համակիրներուն եւ մասնաւորապէս լեռնալիբանանի ժողովուրդին ցորեն եւ հատիկեղէն ցանել ապահով կերպով անցընելու համար այս դժուարին օրերը։
Ան աւարտին նշած է, որ ներկայ փուլի ամենակարեւոր զէնքը ինքնաբաւ դառնալն է նկատել տալով, որ յառաջիկայ շրջանին շատ կարեւոր է ունենալ դեղատեսակներու պահանջները բաւարարող պահուստ մը։