image

Աթէնքի մէջ. ՌԱԿ գործիչը զոհ ՝ «Քորոնա»ի

Աթէնքի  մէջ. ՌԱԿ   գործիչը  զոհ ՝ «Քորոնա»ի

  «Պայքար»  շաբաթաթերթէն  վերահասու  դարձանք, որ օրերս  Աթէնքի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է  ՌԱԿ-եան  գործիչ  Յովհաննէս Ջուլուքեանը։ 

Կը նշուի   նաեւ, որ     հանգուցեալը   մահացած է  «Քորոնա»  վարակին տուած  բարդութիւններուն հետեւանքով։ 

«Պայքար»   նաեւ հրապարակած է ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ  այս առթիւ   հրապարակուած   ցաւակցագիրը։

 

 Ստորեւ   հրապարակուած  ցաւակցագիրը 

Գաղափարի զինուոր մը՝ վահանէն մարդ մը տապալեցաւ համաճարակի անժամանակ մէկ հարուածէն, ինչպէս հսկայ կաղնի ծառ մը կը տապալի՝ շանթի մը անակնկալ մէկ հարուածէն, եւ համայն գաղութներու՝ գաղափարական շրջանակները խոր սուգի մատնելով՝ ընկ. Յովհաննէս Ջուլուքեանի անակնկալ մահը: Կորուստ մը՝ որ միայն տխրութիւն՝ հոգեկան տառապանքի եւ ծով վիշտի կը մատնէ բոլորիս հոգիները:

         Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք՝ իր կողակիցին Էլիզի՝ իր որդւոյն Միքայէլին եւ տիկնոջ, իր դուստրին Ազնիւին եւ ամուսնոյն, իր եղբօրը Յարութիւնին, իր բոլոր ազգականաց՝ հարազատներուն՝ եւ իր շրջանակի բոլոր ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն:

         Տէրը արժանի ընէ ճշմարիտ հաւատացեալի հոգին իր արքայութեան՝ եւ հողը թեթեւ ըլլայ իր վրայ: