image
Հրատապ լուրեր:

«Լիբանանը սովի պիտի մատնուի ...» Լիբանանցի գործիչ ՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ

«Լիբանանը  սովի պիտի մատնուի ...» Լիբանանցի  գործիչ ՝ Ուալիտ  Ժոմպլաթ

Լիբանանի  «Յառաջդիմական-Դեմոկրատական» կուսակցութեան  առաջնորդ     Ուալիտ Ժոմպլաթ     այսօր ուշագրաւ   յայտարարութիւններ կատարած է  կապուած երկրի  ընդհանուր վիճակին։

 

Ժոմպլաթ նկատել տուած է, որ եթէ  իրավիճակը այսպէս  շարունակուի, ապա Լիբանանի  տնտեսութիւնը ամբողջապէս պիտի փլուզուի։

 Տիւրզի   համայնքի  առաջնորդ հանդիսացող  Ժոպլաթ   մասնաւորապէս ըսած է «Լեռնալիբանանը  եւ ամբողջ   Լիբանանը    սովի կրնայ մատնուիլ», նշելով  նաեւ, որ   այսօր  առկայ  տագնապը   կրնայ  երկար տեւել։

Լիբանանցի  գործիչը, որ նաեւ մտավախութիւններ յայտնած է  ապահովական  խլրտումներէ   նաեւ կոչ ըրած է իր  համակիրներուն եւ   մասնաւորապէս լեռնալիբանանի ժողովուրդին ցորեն եւ հատիկեղէն  ցանել     ապահով կերպով անցընելու համար այս  դժուարին օրերը։

 Ան աւարտին նշած  է, որ ներկայ  փուլի  ամենակարեւոր զէնքը   ինքնաբաւ  դառնալն է  նկատել տալով, որ  յառաջիկայ  շրջանին շատ կարեւոր է ունենալ  դեղատեսակներու  պահանջները բաւարարող   պահուստ մը։