image

Կրակոցներ Երեւանի մէջ. Կան երեք վիրաւորներ

Կրակոցներ Երեւանի  մէջ.  Կան երեք  վիրաւորներ

Կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ․ էրեբունի վարչական շրջանի Աճէմեան փողոցի 209 հասցէէն Էրեբունի բժշկական կեդրոն տեղափոխուած են հրազէնային վնասուածքներով 2 քաղաքացի, իսկ 1 հոգի ալ՝ սուր կտրող-ծակող առարկայէ ստացած վնասուածքի հետքերով․ կը յայտնէ Shamshyan.com-ը:

Ոստիկանութիւնը պարզած է վիրաւորներէն 2-ի ինքնութիւնը. նրանք են՝ 29-ամեայ Գէորգ Յարութիւնեանը, 44-ամեայ Արման Ապիյեանը՝ յայտնի որպէս «Արեշի բաղնիքի» Արման, միւսի տուեալները կը ճշդուին:

 Նշուած հասցէին վրայ՝ բաղնիքի ներսը, ոստիկանները յայտնաբերած են նաեւ «Մակարով» ատրճանակի պահունակ, որու վրայ եղած են արեան հետքեր: Դէպքի առթիւ ոստիկանութեան կողմէ նիւթեր կը նախապատրաստուին։