«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ եօթը տարիէ ի վեր Երեւան հաստատուած հալէպահայ Պետրոս Քիրազեանը:
- Պրն. Քիրազեան, դուք Հայաստան եկաք պատերազմի հետեւանքով եւ եօթը տարիէ ի վեր հաստատուած էք Երեւանի մէջ: Ի՞նչ տուաւ ձեզի Հայաստանի այդ եօթ տարին:
Այո, ես եօթը տարի է՝ Հայաստան եմ: Ամենադժուար հանգամանքը այն էր, որ սուրիահայերու մեծամասնութեան նման, պատրաստ եկած չէինք, հագուստնիս վերցուցինք եկանք, մտածելով, որ 2-3 ամիս կը մնանք եւ կը վերադառնանք. երկու ամիսը եղաւ մէկ տարի, մէկ տարին եղաւ երկու եւ այսպէս: Ունեցած դրամնիս վերջացաւ, աշխատանքի պարագան հոս դիւրին չէ, օրական երեք հազար դրամով աշխատեցանք եւ շաբաթը երկու օր, ուրիշ գործ չէի գտած: Ես օրինակ Վերնիսաժ սեղան դրի, համեմունք սկսայ վաճառել, շաբաթը երկու օր միայն կը գործէ Վերնիսաժը, երկու օրուան մէջ ի՞նչ պիտի ծախեմ, ի՞նչ պիտի շահիմ, որ ի՞նչ ապրիմ: Մենք չորս հոգի ենք, ընտանեօք աշխատած ենք, պայքարած ենք, մինչեւ որ կրցանք բան մը ընել եւ հիմա, ինչպէս գիտէք՝ այս համեմունքի խանութը կը վարենք։
-Հիմա գո՞հ էք, այսքան դժուարութիւններէ ետք:
Հիմա, որ շուկային մէջ ճանչցուեցանք, Վերնիսաժի այդ յաճախորդներն ալ մեր արտադրութեան որակին ծանօթանալով մեր մօտ սկսան գալ, փառք Աստուծոյ, գոհ ենք: Յետոյ ես թորնոճի (հաստոցի վարպետ-խմբ.) ըլլալով, արհեստիս շնորհիւ նաեւ կրցայ այս գործը մեծցընել, աղալու մեքենաներ պատրաստեցի եւ սկսայ աղալ: Նաեւ ընկերներ ունիմ Հալէպ, որ համեմունքի գործի վրայ են, իրենցմէ բաւական գաղափարներ առի, իրենք ալ օգնեցին, չափեր տուին եւ այլն եւ այդպէս կամաց-կամաց ոտքի կանգնեցանք: Դժգոհ չենք, զէրոյէն սկսած եմ եւ հիմա կ'աշխատիմ:
-Ի՞նչ է ձեր խօսքը սուրիահայերուն, որ Հայաստան կ'ապրին այսօր:
Խնդիրը այս է՝ լաւ բան չէ, որ Հալէպը առանց հայութեան մնայ, չենք ուզեր այդ բանը ըլլայ, բայց կը կարծեմ, որ Հայաստան հաստատուած հայերը պէտք է ամէն գնով հոս մնան, շէնցնեն մեր հայրենիքը: Ես, օրինակ, պարտաւորուած լքեցի Հալէպը եւ այլեւս չեմ կրնար հոն գործ վերսկսիլ, աշխատիլ: Հոս գոնէ ինչ ալ ըլլայ հայրենիքս է: Ժողովուրդին ալ համբերութիւն կը մաղթեմ։