Օրերս բժշկական համագումարի մը մասնակցելու նպատակով Ֆրանսա գտնուող լիբանանահայ Տոքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան «Արեւելք»ին իր ականատեսի տպաւորութիւնները պատմեց, շաբաթ օր Փարիզի կեդրոնական հատուածին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն մասին։
Շաբաթ օրուան նախօրէին, ինչպէս կը պատմէ մեր զրուցակիցը, երբ հանդիպած էր փարիզաբնակ լիբանանահայ իր բարեկամին, արդէն զգուշացում ստացած էր շաբաթ օր նախատեսուած ցոյցերու մասին: «70-ական թուականներէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով մեծ ցոյց մը պիտի ըլլայ, որուն հիմնական բնիկ ֆրանսացիները պիտի մասնակցին եւ շատ մեծ մաշտապի վրայ պիտի ըլլայ»,- լիբանանահայ բժիշկին ըսած էր իր բարեկամը, որ իր հերթին ալ զգուշացուցած էր իր հետ համագումարի մասնակից բժիշկներուն:
Լիբանանահայերու խումբը իջեւանած էր «Շանզէլիզէ»ի գլխաւոր պողոտայէն 25-30 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Գալիֆորնիա հիւրանոց: Հակառակ եղած նախազգուշացումին, խումբը շաբաթ առաւօտ դուրս եկած էր շրջելու: Փօլատեան չէր միացած խումբին, սակայն խումբի պատասխանտուին հետ մօտակայ դեղատունը գացած էր, դեղեր գնելու համար:
«Այդ ժամանակ արդէն սկսած էին դեղին զգեստաւորները գալ, անոնք «մարսէյլէզը» երգելով, յաղթանակի կամարէն կ'ուղղուէին դէպի հարաւային մաս»,- կը պատմէ ականատես բժիշկը, որ նաեւ նկարած էր ցուցարարները եւ առանց մտահոգութիւն զգալու մտած էր դեղատուն, դեղեր առնելու:
«Դեղարան եղած միջոցիս յանկարծ երիտասարդուհի մը մտաւ, որուն մօտ արցունքաբեր ռումբ պայթած էր, ան չէր կրնար խօսիլ, ձայնը քաշուած, արցունքներու մէջ էր: Մինչ աղջկան օգնութիւն կը ցուցաբերէին, այս անգամ երիտասարդ մը մտաւ, գլխու վնասուածքով եւ արիւնլուայ վիճակի մը մէջ. մարդիկ սկսան օգնել եւ մինչ այդ ես դուրս ելայ, սկսայ լուսանկարել», -կ'ըսէ Փօլատեան, նշելով, որ շտապ օգնութեան մեքենաները չէին կրցած հասնիլ, որովհետեւ թաքսիները ճանապարհները արդէն խցանած էին:
«Մեքենաները բոլորը ճանապարհներուն մուտքերուն շարեցին եւ մէջէն իրենց դեղին զգեստները հանեցին, հագուեցան եւ այսպիսով արդէն բոլոր դէպի «Շանզէլիզէ» տանող ճանապարհները փակուած էին վարորդներուն կամ անոնց կողմնակից մարդոց կողմէ»,- կը պատմէ բժիշկը:
Մտածելով, որ իրավիճակը այդքան լուրջ չէ եւ եղածը սովորական ցոյց մըն է, բժիշկն ու ընկերը առանց շտապելու, նախքան հիւրանոց բարձրանալը, «Սթարպաքս»էն սուրճ մը կ'ուզեն վերցնել: «Դեռ նոր մտած էինք, քանի մը վայրկեան անց, Սթարպաքսի դարպասը փակուեցաւ, երիտասարդ մը դիմելով հոն գտնուողներուն ըսաւ, «եթէ կարելի է բոլորդ դուրս գաք, ոստիկանութիւնը սկսած է արցունքաբեր ռումբերով արդէն ներսերը զարնել», եւ դեռ խօսքը չաւարտած, արդէն ռումբ մը եկաւ մեր ուղղութեամբ»,- կը պատմէ բժիշկը, նկարագրելով թէ ինչպէս իրենք եւս այդ համատարած ծուխին մէջ, շնչելով այդ ամէնը, աչքերնին լրիւ արցունքոտած, անտանելի քթահոսութիւն ունենալով, սարսափած, սկսած են ներսի թաղերով ուղղուիլ դէպի հիւրանոց:
«Աննկարագրելի իրարանցում էր, հասանք մեր հիւրանոցը եւ հիւրանոցին առջեւ տեսանք թէ ինչպէս երիտասարդներէ, միջին տարիքի մարդոցմէ, նոյնիսկ ծերերէ կազմուած խումբեր, դեղին ժիլեները հագած, կ'ուղղուէին դէպի հրապարակ»,- պատմեց մեր զրուցակիցը :
Անոր փոխանցմամբ, գլխաւոր ընդհարումը սկսած էր ժամը 11:30 -12:00-ին եւ իր թէժակէտին հասած էր կէսօրուան ժամը 1:00-ին: «Մեր ընկերներէն միայն մէկ հոգին կրցաւ մեթրոյով վերադառնալ հիւրանոց, «Քինկ Ճորճ» 5-րդ մեթրոյի կայարանէն անոր դուրս գալէն ետք, կայարանը փակուած էր: Միւս երկու բժիշկներուն լուր ղրկեցինք, որ զգուշանան եւ մնան իրենց տեղերը: Աւելի ուշ անոնք կրցան միանալ մեզի, անոնցմէ մէկը բազմիցս անցարգելներու հանդիպելէ եւ 16 քիլոմեթր քալելէն ետք միայն կրցած էր հասնիլ հիւրանոց»:
Խումբը միաւորուելով հիւրանոց, մնացած էր այնտեղ, մինչեւ Պէյրութ վերադարձի ժամը: Երբ օդակայն ուղղուելու համար դուրս եկած էին, ականտես եղած էին տխուր պատկերի, նկարագրեով տեսածը, բժիշկ Փօլատեան կը պատմէ. «Փողոցը գետիններուն վրայ ամբողջ տախտակի մնացորդներ, թուղթերու ու խաւաքարտերու կոյտեր, ծուխ, մարախուղ: Թուր էֆէլի լոյսերը կը վարէին, սակայն քաղաքի ընդհանուր վիճակը տխուր էր, օդը շատ ծանր էր, մանաւանդ «Շանզէլիզէ»ի մեծ հրապարակին վրայ: Որոշ տեղեր նոյնիսկ մայթերը քակած էին եւ մայթերու քարերով խանութները վնասած, «քիոսքներ»էն որեւէ մէկը չէր մնացած, ամէն տախտակները, աթոռները կոտրտած, հրկիզուած եւ հրոյ ճարակ դարձած էին»:
«Կարծեմ Ֆրանսան այսպիսի բան մը տեսած չէր»,- կ'ըսէ բժիշկը:
Մեր զրուցակիցի կարծիքով, եղածը ընդհանուր ժողորդային ընդվզում մըն է, որ սակայն կը փորձեն ազգային ճակատին վերագրել, թէ անոնք են գլխաւոր կազմակերպողը: «Ընդհանուր կարծիքը այն է, որ ազգային ճակատը այստեղ ոչ մէկ դերակատարում ունի եւ եղածը զուտ ժողովրդային ընդվզում է, մասնաւորաբար տնտեսական իրավիճակի վերաբերեալ: Մարդիկ քանի տարի է տուրքեր կը վճարեն անգործներուն համար, որոնց թիւը երթալով կ'աճի: Չմոռնանք նաեւ արաբական երկիրներէն, յատկապէս Սուրիայէն եկած գաղթականները, որոնք փողոցները «Ես Սուրիայէն եմ» գրուած ցուցանակներ բռնած, մուրացկանութիւն կ'ընեն եւ այլ արաբական երկիրներէ եկածները նոյնպէս սուրիցի ձեւանալով, իրենց օրինակին կը հետեւին»:
Փօլատեանի կարծիքով, այս առումով ընդհանուր ընդվզման ալիք կայ ոչ միայն Ֆրանսայի, այլ ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Անոր համոզմամբ, հիմնական դժգոհութիւնը այն է, որ գաղթականները կու գան Եւրոպա եւ կը շատնան, ունին շեշտուած խտրականութիւն, իրենց կրօնքով, ծէսերու դրուածքով, ամէն ինչով տարբեր են եւ մերուելու որեւէ միտք չունին, այլ ընդհակառակը, կ'ուզեն ամէն օրէնքներէն օգտուիլ եւ որեւէ բան չտալ տուեալ երկրին:
«Կը կարծեմ ասի ընդհանուր յեղափոխութիւն մըն է եւ ես Մեթերնիխի խօսքերը կ'ըսեմ 1848-ին ըսուած. «Եթէ Ֆրանսան փռնգտայ, ամբողջ Եւրոպան կը հիւանդանայ», եւ կարծեմ Եւրոպան այսօր հիւանդագին վիճակի մէջ է»,- եզրափակելով կ'ըսէ Փօլատեան: