Սուրիական բանակ շարք մը խմբաւորումներու զինեալներու յարձակումներ ետ մղած է Իտլիպի եւ Հալէպի մէջ: Ինչպէս կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտեցման կեդրոնին, մարտերու ժամանակ 3 զինծառայող զոհուած է, 25-ը վիրաւորուած են:
Յարձակման երկու հռասայլ եւ երեք հետեւակային մարտական մեքենաներ ներգրաւուած են: Բոլոր գրոհները ետ մղուած են:
Բացի այդ, առնուազն 30 գրոհայիններ 5 ամենագնացներով եւ գնդացիրներով Իտլիպի ապահովական գօտիի տարածքէն գրոհած են կառավարական զօրքերու դիրքերը Հալէպ նահանգի մէջ: