Հալէպահայ գործարար Վազգէն Գարճեանի կարծիքով Սուրիոյ տնտեսութիւնը շատ արագ կերպով պիտի վերականգնուի։
Այս մասին Գարճեան ըսած է մասնակցելէ ետք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող «ՍԻՆԷՔՍ» միջազգային արհեստագիտական ցուցահանդէսին։
Գարճեան, որ հիմնադիրն ու սեփականատէրն է «Գարճեան արհեստագիտական հիմնարկութեան» նաեւ ըսած է, որ Սուրիան հաստատ քայլերով կ՚ընթանայ դէպի վերականգնում եւ ան կոչ ուղղած է աշխարհով մէկ սփռուած սուրիացի եւ սուրիահայ գործարարներուն կոչ ըրած է վերադառնալ Սուրիա եւ մասնակցիլ երկրի վերականգնումի գործընթացներուն։
Գարճեան նաեւ նկատել տուած է, որ Դամասկոսի մէջ եղած «Սինէքս» արհեստագիտական ցուցահանդէսի բացումը կարեւոր ցուցանիշ է, որ երկիրը կ՚ընթանայ ճիշդ եւ ապահով ուղիով։