Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ վերընտրուած է տօքթ. Պաշշար Ասատ։
Այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հանրութեան տեղեկացուցած է Սուրիոյ Ազգային Ժողովի խօսնակ Համուտա Սապպաղ։
Կը նշուի նաեւ, որ քուէարկողներուն 95 առ հարիւրին քուէներուն տիրացած Ասատ ստացած է աւելի քան 13 միլիոն ձայն։
Ասատ նախագահական աթոռ բարձրացած էր իր հօր՝ Հաֆէզ Ասատի մահէն անմիջապէս ետք՝ 10 յուլիս 2000-ին։