image
Հրատապ լուրեր:

Իտլիպ եւ Հալէպ. Սուրիոյ բանակը յաջողած է ետ մղել բազմաթիւ գրոհներ

Իտլիպ եւ Հալէպ. Սուրիոյ բանակը յաջողած է ետ մղել բազմաթիւ գրոհներ

Սուրիական բանակ շարք մը խմբաւորումներու զինեալներու յարձակումներ ետ մղած է Իտլիպի եւ Հալէպի մէջ: Ինչպէս կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտեցման կեդրոնին, մարտերու ժամանակ 3 զինծառայող զոհուած է, 25-ը վիրաւորուած են:

Կեդրոնի տուեալներով՝ «Ճապհաթ ալ Նուսրա» եւ «Սուրիոյ ազգային բանակ» խմբաւորումներու գրոհայինները յարձակումներ նախաձեռնած են Սուրիոյ զինուած ուժերու դիրքերու ուղղութեամբ Իտլիպ նահանգին մէջ:

Յարձակման երկու հռասայլ եւ երեք հետեւակային մարտական մեքենաներ ներգրաւուած են: Բոլոր գրոհները ետ մղուած են:

Բացի այդ, առնուազն 30 գրոհայիններ 5 ամենագնացներով եւ գնդացիրներով Իտլիպի ապահովական գօտիի տարածքէն գրոհած են կառավարական զօրքերու դիրքերը Հալէպ նահանգի մէջ: