Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Իտալիոյ արտգործնախարարին ուղեկցած են ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Իտալիոյ ԱԳ եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին ծաղկեպսակ տեղադրած է յուշահամալիրի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցած է Մեծ Եղեռնին նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, բացատրած՝ կոթողի խորհրդանշական իմաստը:
Հրաժեշտէն առաջ Հայկ Դեմոյեան Փաոլօ Ճենտիլոնիին նուիրած է «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը: