image

Իրաք. Քրտական Ուժերը Յաջողած են Շուէտցի Աղջկան Ազատել «Տահէշ»ի Լուծէն

Իրաք. Քրտական  Ուժերը Յաջողած են Շուէտցի  Աղջկան Ազատել «Տահէշ»ի  Լուծէն

Իրաք- («Ալ-Նահար»- Պէյրութ)-   Իրաքեան Քիւրտիստանի տարածաշրջանային անվտանգութեան խորհուրդի հաղորդմամբ, անցեալ չորեքշաբթի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարող Իրաքի Քիւրտիստանի տարածաշրջանի ուժերը յաջողած են շուէտացի աղջիկ մը ազատել  «Իսլամական Պետութիւն»   (Տահէշ)  ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու լուծէն: Այս մասին կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ-Նահար»ը, նշելով, որ ազատագրուած աղջիկը 16-ամեայ Մարլին Սթէֆանի Նաֆրլինն է: Կը հաղորդուի նաեւ, որ անվտանգութեան ուժերը Նաֆրլինին գտած են Մուսէլ քաղաքի մօտ  (350 քմ դէպի Պաղտատի հիւսիսը), որ 2014-էն ի վեր կը գտնուի «Տահէշ»ի վերահսկողութեան տակ: