Վատիկան («Ալ-Ախպար»- Պէյրութ)- Հարիւրաւոր նկարներ եւ նամակներ բացայայտած են, որ հանգուցեալ Յովհաննէս-Պօղոս Բ.ն Պապը սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է ամուսնացած կնոջ մը հետ, որ տեւած է աւելի քան 30 տարի: Այս կապակցութեամբ բրիտանական The Independent պարբերականը եւ BBC-ն յայտնած են, որ ուսումնասիրած են լեհ-ամերիկացի փիլիսոփայ Թէրէզա Թամինիցքային ուղարկուած նամակները: Նամակագրութիւնները տարիներ շարունակ պահպանուած են հանրութեան աչքէն հեռու՝ Լեհաստանի Ազգային գրադարանին մէջ: Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան Հռոմի Պապին մութ մնացած երեսը: Նշենք, որ Պապը որ մահացած էր 2005-ին, իսկ աւելի ուշ Վատիկանը յայտարարած էր անոր սրբադասման մասին: Վերը նշուած աղբիւրները նաեւ կը յայտնեն, որ Պապին եւ կին փիլիսոփային միջեւ բարեկամութիւնը սկիզբ առած է 1973-ին, երբ Թամինիցքային զանգած էր այն ատեն դեռ Կարտինալ Քարոլ Վոթիվային, իր պատրաստած փիլիսոփայական գիրքին մաին տեղեկութիւններ տալու: Աւելի ուշ լեհուհին Ամերիկայէն Լեհաստան հասած էր քննարկելու իր աշխատանքները: Կարճ ժամանակ անց Հռոմի Պապն ու Թամինիցքան սկսած են նամակներ փոխանակել: Կարտինալի նամակները սկզբնական շրջանին պաշտօնական բնոյթ կը կրէին, սակայն երբ անոնց բարեկամութիւնը աճեցաւ, երկու կողմերը դարձան աւելի սերտ բարեկամներ: Ապա անոնք որոշած են միասին պատրաստել Կարտինալին հեղինակած «Մարդն ու արարքը» գիրքի ընդլայնուած տարբերակը, եւ բազմաթիւ անգամներ հանդիպումներ ունեցած, երբեմն յատուկ քարտուղարի ներկայութեամբ եւ երբեմն ալ միայնակ: 1974-ին Պապը գրած է, որ ինք մէկ ամսուան մէջ, իր գրած չորս նամակները վերընթերցած է, որովհետեւ անոնք «շատ արտայայտիչ եւ խիստ անձնական նամակներ են»: Նկարները, որ երբեք մարդոց ցոյց չէին տրուած, կը բացայայտեն Կարտինալին ամենահանգիստ վիճակները: Կարտինալը ապա հրաւիրած էր իր «բարեկամուհին» մասնակցելու գիւղական պտոյտի մը եւ արձակուրդները անցնել չմշկելով: Նկարները ցոյց կու տան նաեւ անոր Վատիկան կատարած այցելութիւնները: «Գէմպրիճ» համալսարանի քրիստոնէութեան պատմութեան փրոֆեսոր Իմոն Տիւֆֆի, այս կապակցութեամբ ըսած է. «Ան 20-րդ դարու հասարակական կեանքի մեծագոյն դէմքերէն մէկն է, ան Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդն է, եւ մտերիմ յարաբերութեան մէջ է գրաւիչ կնոջ մը հետ»: