image

Հռոմի Սրբադասուած Պապին Շուրջ Նոր Սքանտա՞լ

Հռոմի Սրբադասուած Պապին  Շուրջ   Նոր Սքանտա՞լ

Վատիկան  («Ալ-Ախպար»- Պէյրութ)- Հարիւրաւոր նկարներ եւ նամակներ բացայայտած են, որ հանգուցեալ   Յովհաննէս-Պօղոս  Բ.ն Պապը սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է ամուսնացած կնոջ մը հետ, որ տեւած է աւելի քան 30 տարի: Այս կապակցութեամբ բրիտանական The Independent  պարբերականը  եւ BBC-ն  յայտնած են, որ   ուսումնասիրած են  լեհ-ամերիկացի փիլիսոփայ Թէրէզա Թամինիցքային ուղարկուած նամակները: Նամակագրութիւնները տարիներ շարունակ պահպանուած են հանրութեան աչքէն հեռու՝ Լեհաստանի Ազգային գրադարանին մէջ: Փաստաթուղթերը ցոյց կու տան  Հռոմի Պապին մութ  մնացած  երեսը: Նշենք, որ Պապը  որ մահացած էր 2005-ին, իսկ  աւելի ուշ Վատիկանը   յայտարարած էր անոր սրբադասման մասին: Վերը նշուած  աղբիւրները  նաեւ կը յայտնեն, որ  Պապին  եւ կին փիլիսոփային  միջեւ բարեկամութիւնը սկիզբ  առած  է 1973-ին, երբ Թամինիցքային զանգած էր  այն ատեն դեռ Կարտինալ Քարոլ Վոթիվային, իր պատրաստած փիլիսոփայական գիրքին մաին տեղեկութիւններ տալու:  Աւելի ուշ լեհուհին  Ամերիկայէն Լեհաստան  հասած էր քննարկելու իր աշխատանքները: Կարճ ժամանակ անց  Հռոմի Պապն  ու Թամինիցքան սկսած են նամակներ փոխանակել: Կարտինալի նամակները սկզբնական շրջանին պաշտօնական բնոյթ կը կրէին, սակայն երբ անոնց բարեկամութիւնը աճեցաւ, երկու կողմերը դարձան աւելի սերտ բարեկամներ: Ապա  անոնք որոշած են  միասին պատրաստել Կարտինալին հեղինակած   «Մարդն ու արարքը» գիրքի ընդլայնուած տարբերակը, եւ բազմաթիւ անգամներ հանդիպումներ ունեցած, երբեմն յատուկ քարտուղարի ներկայութեամբ եւ երբեմն ալ միայնակ: 1974-ին Պապը գրած է, որ ինք մէկ ամսուան մէջ, իր  գրած չորս նամակները վերընթերցած է, որովհետեւ անոնք  «շատ արտայայտիչ եւ խիստ անձնական նամակներ են»: Նկարները, որ երբեք մարդոց ցոյց չէին տրուած, կը բացայայտեն Կարտինալին  ամենահանգիստ վիճակները: Կարտինալը  ապա  հրաւիրած էր  իր «բարեկամուհին» մասնակցելու գիւղական պտոյտի մը եւ արձակուրդները անցնել չմշկելով: Նկարները ցոյց կու տան նաեւ անոր Վատիկան կատարած այցելութիւնները: «Գէմպրիճ» համալսարանի քրիստոնէութեան պատմութեան փրոֆեսոր Իմոն Տիւֆֆի, այս կապակցութեամբ ըսած է. «Ան 20-րդ դարու հասարակական կեանքի մեծագոյն դէմքերէն մէկն է, ան Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդն է, եւ մտերիմ յարաբերութեան մէջ է գրաւիչ կնոջ մը հետ»: