Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Չորեքշաբթի օր հրդեհ բռնկած է Թուրքիոյ արդիւնաբերական խոշորագոյն ձեռնարկներէն՝ «Իզմիթ» նաւթի զտարանին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ» նշելով, որ երկրի հիւսիսարեւմտեան նահանգի Քոճալի շրջանին մէջ գտնուող նաւթի վերամշակման գործարանը կը պատկանի Թրքական Նաւթի Զտարանի Ընկերութեան (Tüpraş): Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, թէ 3:15-ին պատահած հրդեհի պատճառը թէքնիքական սարքերու խանգարուիլն է եւ հրշէջներ մեծ ճիգեր գործադրելէ ետք յաջողած են հրդեհը «պաշարել»: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ գործարանէն ներս զտարաններու նաւթարտադրումը չէ դադարեցուած: Աշխատաւորներն ու մօտակայ շրջանին բնակիչները տարհանուած են, եւ մեծ թիւով հրշեջ մեքենաներ ուղարկուած են դէպքի վայր: