image

Հրդեհ Ծագած է Թուրքիոյ Մեծագոյն Նաւթամշակման Գործարանէն Ներս

Հրդեհ  Ծագած է Թուրքիոյ  Մեծագոյն Նաւթամշակման  Գործարանէն Ներս

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Չորեքշաբթի օր հրդեհ  բռնկած է Թուրքիոյ արդիւնաբերական խոշորագոյն ձեռնարկներէն՝ «Իզմիթ» նաւթի զտարանին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ» նշելով, որ երկրի հիւսիսարեւմտեան նահանգի Քոճալի  շրջանին մէջ գտնուող նաւթի վերամշակման գործարանը կը պատկանի  Թրքական Նաւթի Զտարանի Ընկերութեան (Tüpraş):  Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, թէ 3:15-ին պատահած հրդեհի պատճառը թէքնիքական սարքերու խանգարուիլն  է եւ   հրշէջներ  մեծ  ճիգեր  գործադրելէ ետք յաջողած  են   հրդեհը «պաշարել»: Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ գործարանէն ներս զտարաններու նաւթարտադրումը չէ դադարեցուած: Աշխատաւորներն ու մօտակայ շրջանին բնակիչները տարհանուած են, եւ մեծ թիւով հրշեջ մեքենաներ ուղարկուած են դէպքի վայր: