image

Հինգ Աշակերտներ Վիրաւորուած են Տիարպէքիրի Մէջ

Հինգ Աշակերտներ Վիրաւորուած են Տիարպէքիրի Մէջ

Տիարպէքիր- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Տիրապէքիրի մէջ գործող նախակրթարան վարժարանին վրայ, Ուրբաթ առաւօտ, պայթուցիկ արձակուած է, որու հետեւանքով վիրաւորուած են հինգ աշակերտներ: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ» յայտնելով, որ դէպքը տեղի ունեցած էր Տիարպէքիրի Պաղլար շրջանին մէջ գտնուող «Չէլէպի Էսիր» նախակրթարանին մէջ: Նշեալ օրը դպրոցական կիսամեակի վերջին օրն էր, եւ աշակերտութիւնը դպրոց հաւաքուած էր ստանալու վիճակացոյցերը: Ինչպէս կը հաղորդուի, նախքան աշակերտներու դասարան բարձրանալը, դպրոցի բակին մէջ ահաբեկիչներու կողմէ ձեռքով պատրաստուած պայթուցիկ շիշ մը նետուած էր:

Թերթը կը հաղորդէ, որ վիրաւորեալ 5 աշակերտները տեղափոխուած են մօտակայ հիւանդանոց, բուժում ստանալու համար, մինչ անվտանգութեան ուժերու կողմէ, որպէս միջադէպի կասկածեալ հեղինակներ, PKK-ի անդամները ձերբակալելու գործողութիւն մեկնարկուած է:

Կը նշուի նաեւ, որ 15 Դեկտեմբերէն սկիզբ առած ահաբեկիչներու դէմ պայքարի ընթացքին, անվտանգութեան ուժերը Տիրապէքիրի եւ Շիրնաքի երեք շրջաններու մէջ սպաննած են 544 PKK-ի գործիչներ: