image

Կրակոց Երեւանի մէջ. Վիզէն վիրաւորուած երիտասարդը ողջ մնացած է

Կրակոց Երեւանի մէջ. Վիզէն վիրաւորուած երիտասարդը ողջ մնացած է

13 մայիսին, Երեւանի Նար-Դոս փողոցէն պարանոցէն զէնքի վիրաւորում ստացած 23-ամեայ  Երեւանի բնակիչը տեղափոխուած է հիւանդանոց է տեղափոխվել  Երևան քաղաքի 23-ամյա բնակիչը: Այդ մասին «Թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց»էն ահազանգած են  ՀՀ ոստիկանութիւն:

ՀՀ Քննչական կոմիտէի ձեռնարկած միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է, որ նոյն օրը՝ ժամը 18:00-ի սահմաններուն, ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձը Երեւանի Նար-Դոս փողոցին մէջ  իր մօտ ապօրինի կերպով պահուող հրազէնէն, կեանքէն զրկելու դիտաւորութեամբ, կրակ արձակած է 23-ամեայ երիտասարդի ուղղութեամբ, սակայն իր կամքէն անկախ հանգամանքներով յանցագործութիւնն աւարտին չէ հասցուցած:

Դէպքի առթիվ յարուցուած է քրէական գործ՝ սպանութեան փորձի եւ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու կամ կրելու յօդուածներով:

Կատարուած է դէպքի վայրի զննութիւն, յայտնաբերուած են արնանման հետքեր, մեքենայի ապակիի բեկորներ եւ փամփուշտի գնդակ,  հարցաքննուած են շարք մը անձինք, նշանակուած են դատաբժշկական եւ դատաձգաբանական փորձաքննութիւններ:

Կը կատարուին քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ՝ յանցագործութիւն կաատրած անձի (անձանց) ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ: