image

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի պաշտօնը վստահուեցաւ Արթուր Դաւթեանին

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի պաշտօնը վստահուեցաւ Արթուր Դաւթեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը  փակ քուէարկութեամբ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ ընտրած էՀՀ գլխաւոր դատախազի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արթուր Դաւթեանը: Մինչ այդ Դաւթեան ՀՀ գլխաւոր դատախազի տեղակալն էր: Կողմ քուէարկած է 97 պատգամաւոր, դէմ` 3: Իսկ 3 քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուած է: Քուէարկութեան մասնակցած է 103 պատգամաւոր: Նշենք, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնը թափուր է օգոստոս 4-էն, երբ Գէորգ Կոստանեան առողջական խնդիրներու պատճառով հրաժարած էր իր պաշտօնէն:   Արթուր Դաւթեան ծնած է 1978-ի դեկտեմբեր 8-ին (38 տարեկան), Շիրակի մարզի Հոռոմ գիւղին մէջ: Դատախազութեան համակարգին մէջ է 2006-էն, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու է, արդարադատութեան 2-րդ դասի խորհրդական , 2013-2016-ին եղած է Երեւան քաղաքի դատախազ: 2012-2013-ին` Երեւան քաղաքի Շէնգաւիթ վարչական շրջանի դատախազ, 2008-2012 թուականներուն` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մարդու իրաւունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան պետի տեղակալ, 2007-2008-ին` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մարդու իրաւունքներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան աւագ դատախազ, 2006-2007-ին` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հետաքննութեան եւ նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան դատախազ 2000-2006-ին` ԵՊՀ քրէական դատավարութեան ամպիոնի դասախօս: Կը դասախօսէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանին, Երեւանի Պետական Մանկավարժական համալսարանին մէջ: