Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ Կէպզէ շրջանի արեւմտեան թաղամասը գտնուող Չոպան Մուսթաֆա Փաշայի պատմական մզկիթին մէջ տեղադրուած մարմարեայ միզարաններն ու լուացարանները վերցուած են: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ»ը, աւելցնելով, որ մզկիթի շրջապատը կարգի բերելու որոշոշումը առնուած է հիմնադիրներու գլխաւոր տնօրէնութեան կողմէ եւ իրագործուած անոնց նշանակած պետական պաշտօնեաներու ձեռքով: Թերթը կը նշէ, որ մարմարեայ միզարաններն ու լուացարանները միայն երկու տարի առաջ տեղադրուած էին տղամատդկանց լոգարանին մէջ: «Սապահ» կը նշէ, որ «Չոպան Մուսթաֆա Փաշայ»ի պատմական մզկիթը եղած է օսմանեան կայսրութեան շրջանի երեւելի ճարտարապետ Միմար Սինանի գործը, որ կառուցուած է 1510 թուականի, կայսրութեան գլխաւոր նախարար (վէզիր) եւ ընդհանուր կառավարիչ՝ բարձրաստիճան Չոպան Մուսթաֆա փաշայի հրամանով: Կը նշուի նաեւ, որ պատմական կառոյցի վերանորոգութիւնը պիտի շարունակուի, սակայն առանց վնասելու անոր իսկական սկզբնատիպը , եւ այդ իսկ պատճառով մզկիթի տնօրէնութիւնը որոշում կայացուցած է հեռացնել տալ «աւելցուած» ժամանակակից մարմարեայ միզարաններն ու լուացարանները, որոնք կ'այլանդակէին պատմական արժէք ներկայացնող կառոյցը: Յիշեցնեք, որ հայազգի հռչակաւոր ճարտարապետ Միմար Սինանը, որուն կը վերագրուի շուրջ 360 շինութիւն, եղած է օսմանեան արքունիքի գլխաւոր ճարտարապետը, 1551-ին արժանացած է փաշայի աստիճանին եւ իր ետին թողած է հսկայական ժառանգութիւն, որ մեծ նշանակութիւն ունի ոչ միայն իսլամական, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի համար:
