image

Մեղրիի քաղաքապետը Երեւան կը բերուի

Մեղրիի քաղաքապետը Երեւան կը բերուի

 

Կը լուսացնեմ Կապան-Երեւան ճանապարհին։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Մեղրիի քաղաքապետ Մխիթար Զաքարեանի փաստաբան Գայիանէ Պապոյեանը։

 

«Մ. Զաքարեանի տանն ասացին գնում ենք Մեղրիի ոստիկանութեան բաժին, հասանք այնտեղ, դրսում յայտարարեցին, որ գնում ենք Կապանի բաժին, իսկ Կապանի ճանապարհին պարզուեց գնում ենք Երեւան, ընդ որում՝ Երեւան բերելու տեղեկութիւնը սեփական միջոցներով ենք հայթայթել։

Յ.Գ. Յիշեցնեմ, որ պաշտպանյալիս «հրաւիրել են» ոստ. բաժին, բայց վերջինս պարտադիր ոստիկանական մեքենայով պէտք է գնայ ոստիկանութիւն՝ ըստ ապօրինի հրահանգի։

Յ.Գ. Հաւանաբար ինքնակամ ներկայանալու արդիւնքում ենթադրեալ սպասուելիք «շոու» գործողութեան տապալման հետեւանքով մարդամէկը հոգեւարքի մէջ է՝ ամէն գնով ուզում է փաստացի բերման ենթարկի»,-գրած է փաստաբանը։

Յիշեցնենք, որ Մեղրի համայնքի ղեկավար Մխիթար Զաքարեանի փաստաբան Գայիանէ Պապոյեանը ուղիղ հեռարձակմամբ յայտնած էր, որ Զաքարեանի հետ ինքնակամ ներկայացած են ոստիկանութիւն եւ կը գտնուին Սիւնիքի մարզային վարչութեան Մեղրիի բաժնին մէջ այն բանէն ետք, երբ տեղեկացած են մամուլի մէջ տարածուած հրապարակման մասին, թէ իրաւապահները կը փնտռեն Զաքարեանը:

Ոստիկանութենէն իրենց ըսած են, որ Մխիթար Զաքարեանի հետ կապուած՝ որեւէ գործողութիւն չի կատարուիր: Աւելի ուշ Պապոյեանը եւս այլ ուղիղ հեռարձակմամբ նշած է, որ արդէն կը վերադառնան Զաքարեանի բնակութեան վայր:

«Մեզ հաւաստիացրին, որ, նորից եմ կրկնում, Մխիթար Զաքարեանի հետ կապուած այս պահին որեւէ գործողութիւն չկայ կատարելու, մենք Մխիթար Զաքարեանի հետ այս պահին ուղեւորուում ենք իր բնակութեան վայր, եւ յոյսով ենք, որ գործողութիւն լինելուն պէս մեզ կը տեղեկացնեն սահմանուած կարգով»,-ըսած է փաստաբանը: