13 Դեկտեմբերին Շիրակի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի եւ Վայոց Ձորի թոյլ տեղումներ էին: 14-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի ձիւն եւ թաց ձիւն, իսկ 15-17-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի թոյլ ձիւն:
Քամին՝ հիւսիս-արեւմտեան՝ 3-8 մ/եվ արագութեամբ, 14-ին առանձին հատուածներու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում‵ 15-20 մ/եվ, բուք եւ ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն:
Օդի ջերմաստիճանը 14-17-ին աստիճանաբար պիտի նուազի 8-10 աստիճանով:
ԱԻՆ-ի ոդերեւութաբանական ծառայութենէն «Հայ Ձայն» տեղեկացած է, որ 14Դեկտեմբերին Հայաստան պիտի գտնուի հզօր մրրիկի ազդեցութեան գօտիի մէջ: Բոլոր մարզերուն մէջ կը սպասուին տեղումներ` գլխաւորաբար ձիւնի տեսքով, միայն Արարատի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի նախալեռներուն եւ Երեւանի ցածրադիր գօտիին մէջ առաւօտեան տեղումները թաց ձիւնի եւ ձիւնախառն անձրեւի տեսքով պիտի ըլլան՝ կեէսօրէ ետք վերածուելով ձիւնի:
Շիրակի, Արագածոտնի, Լոռիի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի եւ Վայոց Ձորի մէջ սպասուող ձիւնը պիտի ըլլայ բաւականին առատ, որուն պիտի ուղեկցի բուք եւ ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն, ճանապարհներու վրայ՝ մերկասառոյցով:
Կը հորդորենք վարորդները նշուած մարզեր երթեւեկել խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: