image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ օդի ջերմաստիճանի կտրուկ նուազում եւ մրրիկ կը սպասուի

Հայաստանի մէջ օդի ջերմաստիճանի կտրուկ նուազում եւ մրրիկ կը սպասուի

13 Դեկտեմբերին Շիրակի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի եւ Վայոց Ձորի թոյլ տեղումներ էին: 14-ին շրջաններու զգալի մասին մէջ կը սպասուի ձիւն եւ թաց ձիւն, իսկ 15-17-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի թոյլ ձիւն:

Քամին՝ հիւսիս-արեւմտեան՝ 3-8 մ/եվ արագութեամբ, 14-ին առանձին հատուածներու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում‵ 15-20 մ/եվ, բուք եւ ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն:

Օդի ջերմաստիճանը 14-17-ին աստիճանաբար պիտի նուազի 8-10 աստիճանով: 

ԱԻՆ-ի ոդերեւութաբանական ծառայութենէն «Հայ Ձայն» տեղեկացած է, որ 14Դեկտեմբերին Հայաստան պիտի գտնուի հզօր մրրիկի ազդեցութեան գօտիի մէջ: Բոլոր մարզերուն մէջ կը սպասուին տեղումներ` գլխաւորաբար ձիւնի տեսքով, միայն Արարատի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի նախալեռներուն եւ Երեւանի ցածրադիր գօտիին մէջ առաւօտեան տեղումները թաց ձիւնի եւ ձիւնախառն անձրեւի տեսքով պիտի ըլլան՝ կեէսօրէ ետք վերածուելով ձիւնի:

Շիրակի, Արագածոտնի, Լոռիի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի եւ Վայոց Ձորի մէջ սպասուող ձիւնը պիտի ըլլայ բաւականին առատ, որուն պիտի ուղեկցի բուք եւ ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն, ճանապարհներու վրայ՝ մերկասառոյցով:

Կը հորդորենք վարորդները  նշուած մարզեր երթեւեկել խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: