5 Սեպտեմբերի երեկոյեան առանձին Քրէակատարողական հիմնարկներու (ՔԿՀ) մէջ արձանագրուած են անհնազանդութեան դրսեւորումներ, որոնք Արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական ծառայութեան կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու հետեւանքով դադարեցուած են։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը:
«Ներկայիս իրավիճակը կը գտնուի Նախարարութեան վերահսկողութեան ներքոյ, անհնազանդութիւններ չկան։ Հնարաւոր զարգացումներու պարագային իմ լիազօրութիւններու շրջանակներէն ներս պիտի ձեռնարկուին իրավիճակէն բխող գործողութիւններ»,- գրած է նախարարը։