Երէկ՝ 17 Յուլիսիսն, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 15:10-ի սահմաններուն Արաբկիր վարչական շրջանի Վ. Փափազեան փողոցի թիւ 14 հասցէին վրայ գործող «Նոր Զովք» հանրախանութէն քանի մը քաղաքացի տեղափոխուած է «Արմենիա» բժշկական կեդրոն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Shamshyan.com–ը:
Նշուած անձինք են՝ 32-ամեայ Սիւզաննա Արսէնեանը, 20-ամեայ Անի Սարգսեանը, 26-ամեայ Սիլվի Առաքէլեանը, 25-ամեայ Լաուրա Մանուկեանը, 21-ամեայ Անի Յովհանիսեանը, 20-ամեայ Նարինէ Ասիրեանը, 25-ամեայ Կարինէ Կարապետեանը, 18-ամեայ Աննա Մարգարեանը, 35-ամեայ Մարինէ Մկրտչեանը եւ 32-ամեայ Արամ Այվազեանը:
Կայքի տեղեկութիւններով՝ բոլորը հիւանդանոց տեղափոխուած են «Նոր Զովք» հանրախանութի մէջ շմոլ կազէն թունաւորման նախանշաններով: