image

Հայաստանի բանտերուն մէջ անհնազանդութեան դէպքեր գրանցուած են. Դէպքերէն ետք իրավիճակը վերահսկողութեան տակ է

Հայաստանի բանտերուն մէջ անհնազանդութեան դէպքեր գրանցուած են. Դէպքերէն ետք իրավիճակը վերահսկողութեան տակ է

5 Սեպտեմբերի երեկոյեան առանձին Քրէակատարողական հիմնարկներու (ՔԿՀ) մէջ արձանագրուած են անհնազանդութեան դրսեւորումներ, որոնք Արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական ծառայութեան կողմէ ձեռնարկուած  գործողութիւններու հետեւանքով դադարեցուած են։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը:

«Ներկայիս իրավիճակը կը գտնուի Նախարարութեան վերահսկողութեան ներքոյ, անհնազանդութիւններ չկան։ Հնարաւոր զարգացումներու պարագային իմ լիազօրութիւններու շրջանակներէն ներս պիտի ձեռնարկուին իրավիճակէն բխող գործողութիւններ»,- գրած է նախարարը։