Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին առաջարկուած է Արարատ Միրզոյեանի թեկնածութիւնը, փոխնախագահներու պաշտօնին՝ Ալեն Սիմոնեանի եւ Լենա Նազարեանի թեկնածութիւնները:Այսմասին 19 դեկտեմբերին, «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ «Իմ Քայլը» դաշինքի քննարկումէն ետք լրագրողներուն ըսած է դաշինքէն ընտրուած պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը:
«Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին առաջարկուած է մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Լիլիթ Մակունցի թեկնածութիւնը, իսկ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնին՝ տարածքային կառավարման եւ զարգացման փոխնախարար Յակոբ Սիմիդեանի:
«Ինչպէս նաեւ առաջարկուած են քանի մը յանձնաժողովներու նախագահներու թեկնածութիւններ, եւ կարելի է ըսել, որ խմբակցութեան կողմէ ընդունուած են այդ բոլոր առաջարկները: «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը եւ վարչապետը առաջարկեցին այն թեկնածութիւնները, որոնք մենք քննարկած էինք, եղաւ հարց ու պատասխան, եւ վերջաւորութեան քուէարկութեամբ վարչութեան բոլոր առաջարկները ընդունուեցան»,- յայտնեց Սիմոնեան:
«Ես խորհրդարանին մէջ պիտի գլխաւորեմ կրթութեան, մշակոյթի եւ Սփիւռքի հարցերով յանձնաժողովը: Իմ գործունէութիւնը այսպէս, թէ այնպէս ուղղակի աղերսներ պիտի ունենայ Սփիւռքի հետ քաղաքականութեան, ատոր մշակման ու օրէնսդրական դաշտին մէջ», իր կարգին ըսաւ Մխիթար Հայրապետեան: