image

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ պիտի դառնայ Արարատ Միրզոյեանը. Փոխնախագահներ՝ Ալեն Սիմոնեանը եւ Լենա Նազարեանը

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ պիտի դառնայ Արարատ Միրզոյեանը. Փոխնախագահներ՝ Ալեն Սիմոնեանը եւ Լենա Նազարեանը

Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին առաջարկուած է Արարատ Միրզոյեանի թեկնածութիւնը, փոխնախագահներու պաշտօնին՝ Ալեն Սիմոնեանի եւ Լենա Նազարեանի  թեկնածութիւնները:Այսմասին 19 դեկտեմբերին, «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ «Իմ Քայլը» դաշինքի քննարկումէն ետք լրագրողներուն ըսած է դաշինքէն ընտրուած պատգամաւոր Ալեն Սիմոնեանը:

«Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին առաջարկուած է մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Լիլիթ Մակունցի թեկնածութիւնը, իսկ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնին՝ տարածքային կառավարման եւ զարգացման փոխնախարար Յակոբ Սիմիդեանի:

«Ինչպէս նաեւ առաջարկուած են քանի մը յանձնաժողովներու նախագահներու թեկնածութիւններ, եւ կարելի է ըսել, որ խմբակցութեան կողմէ ընդունուած են այդ բոլոր առաջարկները: «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը եւ վարչապետը առաջարկեցին այն թեկնածութիւնները, որոնք մենք քննարկած էինք, եղաւ հարց ու պատասխան, եւ վերջաւորութեան քուէարկութեամբ վարչութեան բոլոր առաջարկները ընդունուեցան»,- յայտնեց Սիմոնեան:

«Ես խորհրդարանին մէջ պիտի գլխաւորեմ կրթութեան, մշակոյթի եւ Սփիւռքի հարցերով յանձնաժողովը: Իմ գործունէութիւնը այսպէս, թէ այնպէս ուղղակի աղերսներ պիտի ունենայ Սփիւռքի հետ քաղաքականութեան, ատոր մշակման ու օրէնսդրական դաշտին մէջ», իր կարգին ըսաւ Մխիթար Հայրապետեան: