image

Հայաստան ապրող հալէպցիները վարժուեցան, որ մէկ քահանայով ալ արարողութիւն կը կատարուի. Հալէպահայ սարկաւագ

Հայաստան ապրող հալէպցիները վարժուեցան, որ մէկ քահանայով ալ արարողութիւն կը կատարուի. Հալէպահայ սարկաւագ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հայաստան ապրող հալէպահայ Սարկաւագ   Ռաֆֆի  Գույումճեանը


-Ի՞նչ պայմաններու տակ Հալէպէն հեռացաք եւ ներկայիս Հայաստան հաստատուեցաք:

Հալէպէն հեռանալուս պայմաններու մասին խօսելով, առաջին հերթին ըսեմ, որ իմ կինս հայաստանցի է, ամէն տարի ընտանիքս  Հայաստան կ'ուղարկէի, 2012-ին յունիս ամսուն նոյնպէս ուղարկեցի կնոջս եւ զաւակներուս, իսկ ես մնացի Հալէպ. Երբ Հալէպի խնդիրները աւելի թէժացան, նոր գիւղի շրջանը անապահով դարձաւ, որոշեցի  Հայաստան  հաստատուիլ:

 

-Հիմա որ հինգ տարիէ ի վեր Հայաստան էք, ի՞նչ են  ընդհանուր տպաւորութիւններդ: Քեզ  ինչպէ՞ս  ընդունեցին եւ ի՞նչ կրնաս ըսել այդ մասին:

 Անկեղծ  ասած  զիս լաւ  ընդունեցին, եւ ինչպէս որ նշեցի քիչ առաջ, կինս հայաստանցի է, կնկաս բոլոր բարեկամները հոս են, որեւէ տեսակ զատողութիւն կամ խնդիր չունեցայ ես՝ Հայաստան գալու, հաստատուելու կամ հայաստանցիներու հետ ապրելու կամ շփուելու առումով:

 

-Ձեր կարծիքով այն հայութիւնը որ ներկայիս Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն  Հայաստան եկած են եւ կ'ապրին, ապագային Հայաստանի մէջ կը մնա՞ն կամ դարձեալ կը վերադառնան սուրիական քաղաքներ:

Սուրիահայեր  Հայաստան կը մնան թէ ոչ, ընդհանուր պատասխան մը կարելի չէ տալ, ամէն մէկուն անհատական   որոշումն է այդ մէկը, իմ կարծիքովս սակայն, դժգոհ անձը ըլլայ Հայաստան, ըլլայ Եւրոպա, ըլլայ Ամերիկա, աշխարհի որ ծայրն ալ երթայ դժգոհ կը մնայ, բայց եթէ մէկը մտածէ եւ որոշէ որ ինք ու ընտանիքը Հայաստան պիտի մնան եւ  իր ու   իր ընտանիքին  համար սկսի պայմաններ   ստեղծել, ապա ան Հայաստան կը մնայ  չի վերադառնար ո՛չ Սուրիա, ո՛չ ալ ուրիշ տեղ: Սակայն ի վերջոյ ամէն ոք ինք պիտի որոշէ, թէ ինչպէս կ'ուզէ շարժիլ :

 

-Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք Հալէպի կեանքի մասին, գիտենք որ Հալէպի  մէջ  ընդհանուր պատերազմական դրութիւնը աւարտին հասած է    խաղաղութիւնը վերահաստատուած է: Ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնասք փոխանցել մեզի:

Այսօրուան դրութեամբ շատ լաւ է Հալէպի վիճակը,  եղբայրս Հալէպ է, մինչեւ այսօր իրար հետ կապի մէջ ենք, կը խօսինք: Այո՛,  անցեալի կեանքը չկայ Հալէպի մէջ, բայց այսօրուան դրութեամբ հանգիստ է, շրջան եկաւ երբ  2015-2016 թուականին ամիսներով չկարողացանք եղբօրս հետ խօսիլ, ոչ համացանցային կապ կար, ոչ այլ կապ, բայց այսօրուան դրութեամբ կապն ալ կայ, համացանց ալ կայ, ջուրն ու հոսանքն ալ կան եւ իրենց համար այսօրուան կեանքը վերջին տարիներու բաղդատած աւելի լաւ է: Այսօր հալէպահայերը  համեմատած  պատերազմի օրերուն  աւելի  հանգիստ կեանք  կը վարեն:

 

-Ինչպիսի՞ ապագայ մը կը սպասէ Հալէպին ձեր կարծիքով:

Հալէպի ապագայի մասին կարծիք չեմ կրնար տալ,  գուշակ չենք որ կարենանք գուշակել, բայց ինչպէս որ մեր աղօթքներուն մէջ կը յիշենք՝ «եղիցի կամք քո», Աստուծոյ կամքը ինչ որ է այդ ալ թող ըլլայ: Իմ  համեստ  կարծիքով  Հալէպի   վիճակը   լաւ պիտի  ըլլայ, եւ մենք ալ  լաւատես  պէտք է ըլլանք, որովհետեւ Հալէպ ծնած-մեծցաղծ  ենք եւ Հալէպի բոլոր բարիքները վայելած ենք:

 

-Բնաւ տարբերութիւններ զգացիք Հալէպի եկեղեցական ծէսին եւ այստեղի  արարողութիւններուն վերաբերեալ, ի՞նչ էին այդ տարբերութիւնները եւ վարժուեցար այդ տրաբեր ձեւի արարողութիւններուն կամ առկայ տարբերութիւններուն, ի՞նչ վերաբերմունք ունեցար:

Եկեղեցական տարբերութիւններու մասին, որպէս ծիսական կամ որպէս պատարագ, ժամերգութիւն, ոչ մէկ տարբերութիւն կայ,  բոլրոն ալ նոյնն են, բայց նախապատարագ, նախածիսային պայմաններն են, որ քիչ մը կը տարբերի. Հայաստանի մէջ ծէսը քիչ մը արագ կը կատարեն, Հալէպ քիչ մը աւելի դանդաղ կ'ըլլար, Հալէպի մէջ, յատկապէս մկրտութիւններու եւ պսակներու ժամանակ ժողովուրդը աւելի ծայրայեղութեան կ'երթար, մի քանի քահանայով կ'ուզեր ընել արարողութիւնը, Հայաստանի մէջ սակայն արարողութիւնները մէկ քահանայով կը կատարուին: Հայաստանի մէջ  ալ բոլոր հալէպահայերը վարժուեցան այս իրականութեան, սակայն միւս կողմէն ծէսերու հետ կապուած ոչ մէկ տարբերութիւն կայ, ուր ալ ըլլայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծէսերը  ու արարողութիւնները  նոյնն են: