Հայ ժողովուրդը հրաժեշտ կու տայ Արցախի հերոս, «Ոսկեայ արծիւ» շքանշանի ասպետ, Շուշիի ազատագրման ռազմագործողութեան հրամանատար, զօրավար-մայոր՝ Արկադի Յովհաննէսի Տէր Թադեւոսեանին՝ Քոմանտոսին:
Տէր Թադեւոսեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցած է Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս:
Վաղը՝ 3 Ապրիլին, ժամը 11.00-ին, Գոնտի Ս. Հովհաննէս եկեղեցիէն ներս տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր արարողակարգ:
Արկադի Յովհաննէսի Տէր Թադեւոսեան, դեռ կենդանութեան օրօք յայտնած իր ցանկութեան համաձայն, յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Դաւիթաշէնի ընտանեկան գերեզմանոցը, 3 Ապրիլին, ժամը 13.00-ին:
Տէր Թադեւոսեաններու ընտանիքի խնդրանքը եղած է, որ ծաղկեսպասկներու համար նախատեսուած գումարը փոխանցել զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին։
Նշենք, որ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնները պատշաճ կազմակերպելու նպատակով ՀՀ վարչապետի որոշմամբ ստեղծուած է միջգերատեսչական յանձնաժողով:
81-ամեայ Արկադի Տէր Թադեւոսեան մահացած է 31 Մարտին: