Կիրակի Յունուար 24-ին Իսի-լէ-Մուլինոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ խուռներամ բազմութիւն մը լեցուած էր եկեղեցւոյ մէջ եւ դուրսը, ներկայ ըլլալու համար հանդիսաւոր պատարագին, զոր պիտի մատուցէր Թեմակալ Առաջնորդ Վահան Եպիսկ. Յովհաննէսեան, այս առթիւ կատարելով նաեւ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն եւ սրբանկարներու օրհնութիւն։
Այս բոլորը ծրագրուած էին 2015 Նոյեմբեր 15ին, եկեղեցւոյ մատաղի օրուան առթիւ, սակայն Նոյեմբեր 13ի ահաբեկչական արարքներու հետեւանքով յետաձգուեցան։
Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսական զգեստաւորումով եկեղեցւոյ մուտքին հանդիսաւորապէս սկսաւ արարողութիւնը, շրջապատուած խորանի սպասարկուներով։ Առաջին հերթին Ձեռնադրիչ Սրբազանը նուիրեալներու գլխու մազերէն խաչաձեւ կտրեց ի նշան աշխարհիկ ցանկութիւններու հեռացման։ Ապա սաղմոսագիրքը յանձնեց, տալով սաղմոս կարդալու իշխանութիւն, յաջորդաբար աւել յանձնեց՝ տալով Աստուծոյ տունը մաքրելու իշխանութիւն եւ պատիւ։
Ապա յառաջանալով դէպի ատեան, Սրբազանը բանալին յանձնեց ձեռնադրուող դպիրներուն եւ իշխանութիւն տուաւ եկեղեցւոյ դուռը բանալու եւ փակելու։ Աստուածաշունչը յանձնելով՝ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Գրքի ընթերցանութեան իրաւունք, Մաշտոցը յանձնելով՝ հիւանդներու վրայ կարդալու իրաւունք, վառած աշտանակը յանձնելով՝ եկեղեցւոյ ջահերն ու կանթեղները վառելու իրաւունք, գինիի դատարկ բաժակը յանձնելով՝ պատարագի գինին պատրաստելու իրաւունք տուաւ անոնց։
Այս ձեւով 5 նորընծաները՝ Սամուէլ Պետրոսեան, Ալեքս Քէշիշեան, Սագօ Քէշիշեան, Արամ Օսմանճեան եւ Քրիստոֆ Հարպոյեան ստացան դպրութեան չորս աստիճանները՝ դռնապանութիւն, ընթերցողութիւն, երդմնեցուցչութիւն եւ ջահընկալութիւն։
Յաջորդաբար անցնելով կիսասարկաւագներու ձեռնադրութեան, Վահան Սրբազան չորս նուիրեալներուն՝ Սարգիս Իշխանեանի, Վարդան Իշխանեանի, Սարօ Աւագեանի եւ Ռոպէր Տէմիրճեանի ձախ բազուկներուն դրաւ ուրարները եւ անոնց ձեռքը յանձնեց դատարկ սկիհն ու մաղզման, պատարագի լման զգեստ մը, շուշփայ մը եւ խորհրդատետրը, տալով իշխանութիւն եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագի բաժինները կարդալու, խնկարկելու, պատարագիչը զգեստաւորելու, դատարկ սկիհը խորհրդանոցին մէջ դնելու եւ պատարագի ընթացքին սուրբ սեղանին սպասարկելու։
Հանդիսաւոր եպիսկոպոսական պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը սրտաբուխ քարոզ մը տուաւ, մէջբերելով օրուան ճաշու աւետարանը եւ անոր շուրջ զարգացնելով իր մտածումները, շեշտելով որ Քրիստոնէութիւնը սիրոյ յարաբերութիւն մըն է Աստուծոյ հետ եւ այդ սիրոյ արտայայտութիւնն է այսօրուան ձեռնադրուողներու նուիրումը։
Այս առթիւ Սրբազան Հայրը անակնկալ մատուցեց ներկայ բազմութեան, հանդիսաւորապէս կարդալով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օրհնութեան Գիրը, ուղղուած Աւետիս Ա. Քհնյ. Պալըգեանին, անոր ձեռնադրութեան 30րդ տարեդարձին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետը իր սրբատառ կոնդակին մէջ վեր կ՚առնէր Տէր Հօր արժանիքները, երեսնամեայ վաստակը եւ նուիրումը։
Արդարեւ, Տէր Աւետիսի եւ Ծխական Խորհուրդի յամառ ջանքերու արդիւնք էին վերջին շրջանին եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնն ու բարեզարդումը, բազմաթիւ բարերարներու նուիրաբերութեամբ։ Եկեղեցւոյ պատուհանները վերանորոգուեցան եւ զարդապատկերներով ու սրբապատկերներով օժտուեցան, յատկապէս պատրաստուելով Յունաստանի մէջ։ Եկեղեցւոյ ներքնայարկն ու շրջաբակը որմնանկարներով օժտուեցան, մկրտութեան աւազանը վերանորոգուեցաւ եւ սրբապատկերով զարդարուեցաւ, ձեռամբ արուեստագէտ Սամուէլ Ղազարեանի։ Այս բոլոր աշխատանքները արդիւնք էին Տէր Հօր եւ Ծխական Խորհուրդի ջանքերուն, գլխաւորութեամբ ատենապետ Հայկազ Կէօրտեպաք- Տրդատեանի։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ երգչախումբը, խմբավարութեամբ Ստեփան Սրկ. Եորկանճեանի։ Պատարագի աւարտին, երկու սրբապատկերներու օծումէն ետք հանդիսաւոր թափօրով Սրբազան Հայրը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնայարկը, ուր Տիկնանց Յանձնախումբը ճոխ հիւրասիրութիւն մը նախատեսած էր ի պատիւ Սրբազան Հօր եւ նորընծայ դպիրներուն եւ կիսասարկաւագներուն։
Նիւթի աղբիւր՝ «Նոր Յառաջ»