Հալէպի քաղաքացիական պաշտպանութեան մարմիններ այսօր յաջողած են փրկել ամբողջ ընտանիք մը։
Այս մասին լուրը տրուած է «Շապաք ախպար Հալապ» դիմատետրի էջը, որ նաեւ հաղորդած է, թէ այս առաւօտ անվտանգութեան մարմիններ ահազանգ ստացած են Էշրէֆիյէ շրջանին մէջ ծագած մեծ հրդեհի մը մասին։ Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ հրդեհը ծագած ու ծաւալած է այդ շրջանին մէջ եղող շէնքի մը չորրորդ յարկին մէջ։
Անվտանգութեան մարմիններ մեծ ճիգեր գործի դնելով յաջողած են անվտանգ կերպով դուրս բերել հրդեհին մէջ գտնուող ընտանիքին անդամները եւ աւելի վերջ մարել ամբողջ հրդեհը։
Հրդեհին տուն տուող պատճառներուն մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։
