Գանատա- («Ալ-Հայաթ»-Լոնտոն)- Գանատական ոստիկանութիւնը յայտարարծ է, որ հրաձգութեան պատճառով, չորս անձեր՝ սպաննուած եւ ուրիշներ վիրաւորուած են, Գանատայի հեռու շրջաններէն Սասքաչուան նահանգին մէջ գտնուող դպրոցներէն մէկուն մէջ, եւ տեղի ունեցած է կասկածեալի մը ձերբակալումը:
Պատասխանատու կողմերը չեն յստակացուցած հրարձակութեան շարժառիթը, որ կատարուած էր Սասքաթոնէն 600 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուող Լիւչ քաղաքին մէջ:
Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտօն այս մասին ըսած է. «Յստակ է, որ սա բոլոր ծնողներու համար ամենամեծ մղձավանջն է»:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Գանատայի մէջ պատահական կրակոցներ համեմատաբար հազուադէպ կը պատահին, քան Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդ ուղղութեամբ իր կիրառած խիստ օրէնքներու շնորհիւ: Առաջին նման դէպքը, որ արձանագրուած էր Գանատայի մէջ 1989-ին էր, ուր 14 համալսարանական ուսանողներ սպանուած էին՝ Մոնրէալի կիրառական արուեստների քոլէճին մէջ, իսկ երկրորդ դէպքը դարձեալ Մոնրէալի մէջ, Քոնքորտիա համալսարանէն ներս, 1992 թ.ին, որուն զոհ գացած էին 4 ուսանողներ: