Հալէպի մէջ գործող Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմնի թիւ 15 հաղորդագրութեամբ կը տեղեկանանք, որ աւանդաբար հայապահպան եւ ազգանպաստ գործունէութիւն ծաւալող Լիզպոնի մէջ գործող Գ. Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական բաժնի տնօրէնութիւնը, յանձինս՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի, Սուրիոյ Հայկական Վարժարաններուն 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանին համար Դեկտեմբեր 2015-ին յատկացուցած է 175,000 ամերիկեան տոլար կազմող կրթական նպաստ մը, որմէ պիտի օգտուին Սուրիոյ տարածքին՝ Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ Ճէզիրէի մէջ գործող 25 հայկական վարժարաններ: Նշենք, որ սոյն նախաձեռնութիւնը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ: