Սուրիա- (« Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին, որ անցեալ ամսուն ոչ բացայայտ կերպով երկու անջատ եւրոպական պատուիրակութիւններու այցելութեան թուականներ նշանակուած են, որոնք հանդիպում պիտի ունենան Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ» նշելով, որ առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ այս ամսու վերջին շաբաթուան ընթացքին եւ որուն մաս պիտի կազմեն ֆրանսական քաղաքական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներ, որոնք կը պատկանին Ֆրանսայի ընդդիմադիր փաղանգին, որոնց շարքին նաեւ Փարիզի որդեգրած հակասուրիական ռէժիմ քաղաքականութեան ընդդիմադիր դէմքեր: Իսկ երկրորդ եւրոպական պատուիրակութեան Դամասկոս այցը պիտի կատարուի սպանական բարձր մակարդակի հետախուզական պատուիրակութեան կողմէ, որ Դամասկոս պիտի այցելէ յաջորդ ամսուան սկիզբը, բանակցութիւններ վարելու Սուրիոյ անվտանգութեան պատասխանատուներու հետ: Այս կապակցութեամբ աղբիւրը կը նշէ, որ այս այցերը տեղի պիտի ունենան բացարձակ գաղտնի շրջանակներու մէջ, որու ընթացքին սպանական պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ նախագահ Ասատի հետ: Պատուիրակութեան այցի օրակարգի վրայ եղած հիմնական կէտերը կապուած են Սպանիա հասնող սուրիացի փախստականներու Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան մօտ գրանցումներու ստուգման հետ, որպէսզի Սպանիոյ անվտանգութեան մարմինները կարենան ճշդել փախստականներու ինքնութիւնը եւ առանձնացնել անոնց մէջ գտնուող ահաբեկչական գործողութիւններու մասնակիցները, ապահովելու իր երկիր անվտանգութիւնը: