Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած «Իմ Քայլը» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ քիչ առաջ միջադէպ մը եղած է Երեւանի «Կորիւն» փողոցին վրայ: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Թերթ.ամ»-ը նշելով, որ հաւաքուած ցուցարարները կարողացած են ճեղքել պատնեշն ու շարժուիլ դէպի Նալպանտեան- Մոսկովեան խաչմերուկ։
Կորիւն փողոցի վրայ քաղաքացիներու միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքը չէ կանխուած ոստիկաններու կողմէ: Ցուցարարներու պատնէշը ճեղքած մեքենաներու վարորդներն ու ուղեւորները, որոնք մինչ այդ դուրս եկան ու հարձակեցան ուսանողներու վրայ, ոստիկաններու կողմէ չխոչընդոտուեցան: Այս մասին յայտարարած է «Իրազեկ քաղաքացի միաւորում» հկ համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը:
Դիմելով ոստիկաններուն ան ըսած է. «Մարդկանց ծեծում են, վրաերթի են ենթարկում ձեր աչքի դէմը, դուք կողքից կանգնած դիտորդի դերում էք, լրագրո՞ղ էք, թէ՞ ոստիկան: Ո՞ւր է ոստիկանութիւնը»: Իոաննիսեանն ըսած է, որ ոստիկանութիւնը անգործութեան մատնուած է: «Դրա համար մենք այդքան ասում ենք՝ մի՛ գնացէք ընդհարման»,- արձագագած է ոստիկանը:
Լրագրողներու այն հարցին, թէ ինչո՞ւ թոյլ տուիք, որ մեքենան քշելով ուսանողներու վրայ՝ անցնի այդ հատուածը, ոստիկանը չէ պատասխանած, ըսած է. «Ծառայութեան մէջ եմ, ես իմ աշխատանքն եմ կատարում»:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել