image

Երբ, ինչպէս եւ որու բաժնուեցաւ հայերու գոյքը Թուրքիոյ մէջ յետցեղասպանական շրջանին. թուրք ուսումնասիրողի հարցազրոյցը

Երբ, ինչպէս եւ որու բաժնուեցաւ հայերու գոյքը Թուրքիոյ մէջ յետցեղասպանական շրջանին. թուրք ուսումնասիրողի հարցազրոյցը

Թրքական gazeteduvar.com.tr կայքը զրուցած է Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ յոյներու գոյքի անօրինական բռնագրաւումներու, այս ժողովուրդներու թողած տնտեսական եւ մշակութային ժառանգութեան թրքացման շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարող լրագրող Նեւզաթ Օնարանի հետ:


Լրագրող հետազօտողը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստի վրայ, որ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական ուժը հայերու եւ յոյներու ձեռքէն խլելու գործընթացը չէ աւարտած ցեղասպանական շրջանով եւ երկարած է ընդհուպ մինչեւ 1940-ականներ:

«1914 թուականին եղած մարդահամարի տուեալներով Օսմանեան կայսրութեան բնակչութիւնը կազմած է 18 միլիոն: Ըստ իմ հաշուարկի՝ անոնցմէ 15 միլիոնը կը ներառէին ներկայիս Թուրքիոյ հանրապետութեան սահմանները: Այս թիւի 20 տոկոսը կազմած է քրիստոնեայ բնակչութիւնը, շատ փոքր հատուած՝ հրեաները: 1913-14 թուականներուն յոյներու դէմ ուղղուած հետապնդումները, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, 1920-22 թուականներուն յոյներու բռնի արտագաղթը ու նոյնատիպ բազմաթիւ պատմական իրադարձութիւններ բերին անոր, որ այսօր կրօնական փոքրամասնութիւնները կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան ընդամէնը 1 տոկոսը», - նշած է ուսումնասիրողը:

Շարունակելով թեման, թուրք հեղինակը նշած է, որ մինչ առաջին համաշխարհային պատերազմը յոյն բնակչութիւնը մեծամասնութիւն կազմած է հիմնական սեւծովեան շրջանին, Անատոլիայի կեդրոնական հատուածներուն, Մարմարա եւ  Եգէական ծովերու ափերուն: Հայերը աւելի մեծաթիւ էին Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի, Սեբաստիայի, Մուշի եւ Տիարպէքիրի պէս վիլայէթներուն մէջ, ինչպէս նաեւ համայնքներ ունէին Թուրքիոյ արեւմտեան Պուրսա, Անգարա եւ երկրի կեդրոնական շարք մը քաղաքներուն մէջ:

«Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ մինչ 1915 թուականը երկրի տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան մէջ թուրք – իսլամական բնակչութեան բաժինը կազմած էր ոչ աւելի քան 15 տոկոս: Օսմանեան տնտեսութեան մէջ յոյներու մասնաբաժինը կը հասնէր 50 տոկոսի, հայերունը՝ 20-ի», - ըսած է Օնարան, նշելով նաեւ հրեաներու ու օտարերկրեայ քաղաքացիներու ունեցած որոշակի դիրքերու մասին:

Ըստ թուրք ուսումնասիրողի, հայերու եւ յոյներու գերիշխանութիւնը օսմանեան տնտեսութեան մէջ  այս ժողովուրդներու «մեղաւորութիւնը» չէր, այլ Օսմանեան պետութեան հասարակական կառուցուածքի արդիւնքը: Եւ հակառակ անոր, հայ եւ յոյն առեւտրականներն ու արդիւնաբերողները յայտնուեցան ազգյանական թիրախի տակ ոչ միայն մարդագրական , այլեւ տնտեսական իմաստով:

Օնարան շեշտած է, որ երիտթուքերու այս գործելաոճը, վերածուելով պետական քաղաքականութեան, փոխանցուած է նաեւ անոնց յաջորդած իշխանութիւններուն՝ այդ շարքին եւ ներկայիս իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան:

Արեւմտեան Հայաստանի պատմական Մալաթիա շրջանին մէջ ծնած եւ մեծցած Նեւզաթ Օնարան կը յիշէ, որ սեփական գիւղին մէջ իր մանկութեան տարիներուն միայն մէկ հայ ընտանիք մնացած էր, իսկ գիւղի ամենամեծ ցորենի դաշտը, որ բոլորին յայտնի էր «Աղայի դաշտը» անունով, աւելի ուշ պարզուած է, որ ոչ թէ քիւրտ աղայինն էր, այլ հայ Յովհաննէսինը: Իր հերթին մօտակայքը ապրող աղքատ գիւղացի մըն ալ հայերէն մնացած մէկ այլ տարածք սեփականաշնորհած էր:

«Այստեղ գոյքի իւրացման այսպիսի զանգուածային համակարգ կը գործէր», - պատմած է Օնարան:

Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի գոյքի իւրացման մեխանիզմը, ըստ Օնարանի, առաւել մանրամասն մշակուած ու գործի դրուած է արդէն հանրապետական Թուրքիոյ շրջանին. 1920-ական թուականներուն գոյքի օտարման ու պետականացման վերաբերեալ Թուրքիոյ մէջ 13 նոր օրէնք ընդունուած է, որոնք բոլորն ալ գործի դրուած են:

Այդ նպատակով հիմնուած ու 1915–էն 1924 թուականներուն գործունէութիւն ծաւալած Գոյքի դասակարգման յանձնաժողովը նախ գրանցած էր բռնագաղթի ենթարկուած հայերու ու յոյներու գոյքը, այնուհետեւ վաճառքի անուան տակ վերաձեւակերպած էր անհատ անձանց կամ ընկերութիւններու անունով:
Բոլոր այս վերաձեւակերպումներն ու հին տուեալները պահպանուած են այս յանձնաժողովի գրանցամատեաններուն մէջ, մինչդեռ անոնց արխիւներուն հասնիլն այսօր բոլորովին դիւրին չէ:

«Ըստ իս՝ արխիւները առկայ են, բայց չեն հրապարակուիր: Եթէ ցոյց տան, կերեւայ որու գոյքը որու փոխանցած են: Այն, որ գրանցամատեանները պահպանուած են, կը փաստեն 2004 թուականին սեբաստացի Յակոբի թոռան գոյքի վերադարձի հետ կապուած դատական գործի ընթացքին Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ ուղարկուած փաստաթուղթերը», - նշած է Օնարան: 

 

Լուրը ՝ «Թերթ.ամ» էն