image

«Քորոնա»ի խնդրով Մոսկուա պատրաստ է օգնել Թուրքիոյ

«Քորոնա»ի խնդրով Մոսկուա պատրաստ է օգնել Թուրքիոյ

Ռուսաստանի Դաշնութեան փոխվարչապետ Թաթիանա Կոլիքովան յայտարարած է, որ Ռուսաստանը պատրաստ է աջակցիլ Թուրքիոյ COVID-19-ի դէմ պայքարին, առաջին հերթին` «Սփութնիք V» պատուաստանիւթի արտադրութեան հարցով: Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

Փոխվարչապետի քարտուղարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Կոլիքովան կոչ ըրած է աւելցնելու համատեղ ջանքերը «Քորոնա» ժահրային վարակի դէմ պայքարին մէջ:

«Ռուսաստանը պատրաստ է Թուրքիոյ տրամադրել բոլոր անհրաժեշտ օգնութիւնները»,– հաղորդագրութեան մէջ մէջբերուած է Կոլիքովայի խօսքերը:

Առաջին հերթին, ինչպէս յստակեցուցած է քարտուղարութիւնը, խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ «Սփութնիք V» պատուաստանիւթի արդիւնաբերական արտադրութիւն հիմնելուն: Ըստ Կոլիքովայի, բնակչութեան զանգուածային ախտազերծութեան գործընթացը կը յանգեցնէ «Քորոնա» ժահրի դէմ յաղթանակին: