image

«Համեմատելը սխալ է..» Ռուսաստանի մօտ Պաղեստինի դեսպանը հակադարձած է Թուրքիոյ տեսակէտին

«Համեմատելը սխալ է..» Ռուսաստանի մօտ Պաղեստինի դեսպանը հակադարձած է Թուրքիոյ  տեսակէտին

Պաղեստինը կը գնահատէ այն աջակցութիւնը, որ կը ցուցաբերէ Թուրքիան, Իսրայէլի հետ հակամարտութեան ժամանակ, սակայն չի ցանկար, որ այդ լարուածութեան սրումը համեմատուէր Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Այդ մասին յայտարարած է Ռուսաստանի մօտ Պաղեստինի դեսպան՝ Հաֆեզ Նաուֆալը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:

Դիւանագէտի խօսքով՝ Պաղեստինը հիանալի յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, ինչպէս նաեւ լաւ յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ: «Մենք բարձր կը գնահատենք Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի Երուսաղէմի, պաղեստինեան հարցի եւ Պաղեստինին աջակցելու կապակցութեամբ: Սակայն մենք չէինք ցանկար միախառնել այդ թեմաները: Համեմատութիւնը, զոր ըրած է նախագահ Էրտողան, պարզապէս խօսքի ձեւ է»,-համարած է դիւանագէտը: