«Դեռ երէկ հիանալի եղանակ էր: Առաւօտեան արթնցանք, եւ ամէն տեղ ձիւն էր: Սա ձմեռ չէ, այլ ամառ, յունիսն է»,- «ՌԻԱ Նովոստի»-ի փոխանցմամբ՝ տեղի բնակիչներէն մէկուն խօսքը մէջբերած է թրքական հեռուստաալիքը:
Նշուած է, որ ձիւնի տեսքով տեղումներ հինգշաբթի գիշեր գրանցուած են շարք մը բարձրլեռնային գիւղերու մէջ, Արդահան, Ռիզէ եւ Բոլու նահանգներուն մէջ: