image

ԵՊՀ-էն մեկնարկած է դասադուլի մասնակցող ուսանողներու քայլերթը

ԵՊՀ-էն մեկնարկած է դասադուլի մասնակցող ուսանողներու քայլերթը

Վարկեաններ առաջ ոստիկանները կրկին ցուցարարները ծեծելով կը փորձէին բերման ենթարկել: Ուսանողներէն մէկուն ոստիկանները այնքան ծեծեցին, որ անոր ինքնազգացողութիւնը վատացաւ եւ շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխեցին հիւանդանոց: Այս մասին կը հաղորդէ Hetq.am-ը։

Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի հարիւրաւոր ուսանողներ՝ Հերացի փողոցով՝ խաղաղ երթ կ՝ընէին, երբ ոստիկանները եկան եւ ուսանողներէն ոմանց ծեծելով, բռնի ուժ կիրառելով` բերման ենթարկեցին:

Ցուցարարները այս պահուն կը շարունակեն քայլերթը արդէն Հերացի փողոցի մայթով:

Յիշեցնենք, որ այսօր Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ ընթացող զանգուածային բողոքի ցոյցերուն 11-րդ օրն է: