image

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով. Նախագահներ Սարգսեան եւ Աուն ուղերձներ փոխանակեցին

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով. Նախագահներ Սարգսեան եւ Աուն ուղերձներ փոխանակեցին

Երկու երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման  25-ամեակին առթիւ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Միշէլ Աուն յատուկ ուղերձներով հանդէս եկած են: Այս մասին կը հաղոդէ «Հայ Ձայն» լրատուական կայքը:

 

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ կարեւորած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները եւ կապը համարած է եղբայրական: Նախագահը մասնաւորապէս ըսած է «Մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ կապերը դարերու պատմութիւն ունին եւ առկայ կապը, ոչ միայն բարեկամական է այլ եղբայրական»: Սարգսեան նաեւ յոյս յայտնած է, որ երկու կողմերուն միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ոչ միայն սեղմ շրջանակի մը մէջ, այլ նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ»:

 

Իր կարգին Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, որ դրուատիքով խօսած է լիբանանահայութեան դերին ու ներկայացուցած կարեւորութեան վրայ նաեւ ըսած է, որ «Բարձր կը գնահատեմ երկու երկիրներու համակործակցութիւնը, որ կ’արտացոլացնէ մեր հաւատքը հանդէպ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան ըմբռնումներուն»: