Երէկ ուշ գիշերին Դամասկոսը հարուածած հրթիռները պատճառած են նիւթական եւ մարդկային մեծ վնասներ։ Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Մայատին» կայանը, նշելով, որ երէկ Իսրայէլի կողմէ եղած գրոհին հետեւանքով զոհուած են 4 անձեր, որոնց շարքին է նաեւ կաթընկեր երեխայ մը։
Կը հաղորդուի, որ գրոհին հետեւանքով վիրաւորուած են 21 անձեր։
Կը նշուի նաեւ, որ գրոհը եղած է Դամասկոսի գիւղական-հարաւային շրջանին վրայ։