Լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած զինուորականներն ու սպաները այսօր նախաձեռնած են բողոքի քայլերու նպատակ ունենալով անդամալուծել մայրաքաղաք Պէյրութը։
Այս մասին լուրը հաղորդեց VDL կայանը, նշելով որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ թիւով բողոքարարներ ուղղուած են Համրա փողոցին վրայ գտնուող Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան շէնք ու նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին գլխաւոր մուտք փակելու համար մայրաքաղաքի երկու կարեւոր կէտերուն մուտքերը։
Կը նշուի նաեւ, որ նախկին զինուորականները կը բողոքեն վերջին շրջանին կառավարութեան կողմէ ձեռք առնուած քայլերուն դէմ, որուն հիմքով կառավարութիւնը նպատակ ունի նուազեցնել պետութեան կողմէ զինուորականներուն համար վերապահուած վճարներուն կրճատումը։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կրճատման քայլերու կը դիմէ փորձելով հաւասարակշռել երկրի ընդհանուր պիւտճէն կարողանալու համար դուրս բերելու Լիբանանը տնտեսական ծանր վիճակէն։
Կը սպասուի նաեւ, որ զինուորականնները իրենց սկսած քայլերը շարունակեն այսօր ամբողջ օրը եւ կան տուեալներ, որ անոնք հետամուտ են մագլցողական քայլերու դիմելու։