Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու նստավայրի մէջ այսօր քննուած է Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեանի եւ անոր տեղակալ Կարէն Օհանեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը։
Միաժամանակ դատարանի դիմաց բողոքի ցոյցեր կազմակերպած են Մասիս քաղաքի բնակիչները` պահանջելով ազատ արձակել իրենց քաղաքապետն ու տեղակալը։
«Մասիսը պահանջում է քաղաքապետին», «Մասիսն իր քաղաքապետի հետ է», «Դաւիթ, դուխով», «Դաւիթ Համբարձումեան՝ ամենալաւ քաղաքապետ», «Ազատութիւն Դաւիթ Համբարձումեանին եւ Կարէն Օհանեանին» գրութեամբ պաստառներով մասիսցիները շարունակած են բողոքը, իսկ դռնփակ նիստով քննուած է քաղաքապետի ու անոր տեղակալի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ միջնորդութիւնները։
Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեանի նկատմամբ խափանման միջոց կալանաւորում ընտրելու վերաբերեալ քննիչի միջնորդութեան քննութիւնը աւարտուած է։
Աթանէսեան տեղեկացուցած է, որ քաղաքապետի նկատմամբ միջնորդութեան վերաբերեալ որոշման հրապարակումէ ետք կը քննուի փոխքաղաքապետի վերաբերեալ միջնորդութիւնը։
Բողոքի ցոյցեր իրականացնող Մասիս բնակչութիւնը յայտնած է, թէ պիտի սպասէ մինչեւ որոշման հրապարակումը եւ դատարանէն քաղաքապետի հետ տուն պիտի վերադառնայ։